2012-10-19 12:41:13

Նոր Աւետարանուցումի Սիւնհոդոս։
Զրոյց` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-Եկեղեցական Յարաբերութեանց Բաժանմունքի Փոխվարիչ Մասիս վրդ. Զօպույեանի Հետ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին նախագահութեամբ՝ 7 -28 հոկտեմբեր Վատիկանի մէջ գումարուած, Նոր աւետարանութեան նիւթով` Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոսաց ԺԳ սիւնհոդոսին որպէս քոյր եկեղեցի` իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։
Վերոյիշեալ Սիւնհոդոսին Արամ Ա. Վեհափառի որպէս ներկայացուցիչ կը մասնակցի կաթողիկոսարանի Միջ-Եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի փոխվարիչ` Մասիս վրդ. Զօպույեանը որ անցեալ, երեքշաբթի 16 հոկտեմբերին, սիւնհոդոսական հայրերուն փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
Ռատիովատիկանի հայկական բաժինը առիթը ունեցաւ Հայր Մասիսին հանդիպելու ու անոր հետ զրոյց մը ունենալու որուն ընթացքին հայ հոգեւորականը ներկայացուց իր տպաւորութիւնները ու Վեհափառ Հայրապետի պատգամի բովանդակութիւնը։
RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.